
Երեւանի Թէքէեան կենտրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացի, ԱԺ պատգամաւոր Միհրան Փրկիչի հեղինակած «Մեր գոյութեան հետքերը» գիրքի շնորհանդէսը։ Միջոցառման ներկայ գտնուած են Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիներ, մշակոյթի գործիչներ եւ գիտաշխատողներ։
Միջոցառման ընթացքին Միհրան Փրկիչը մանրամասն պատմեց գիրքն ստեղծելու պատմութիւնը, որն ուղղակիօրէն կապուած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մինչեւ ցեղասպանութիւն եւ անկէ ետք բնակող հայերու ճակատագիրի հետ։ Ուշագրաւ է այն փաստը, որ ծպտեալ հայերը մեծ դժուարութեամբ կը պահպանեն իրենց ազգային եւ կրօնական ինքնութիւնը եւ կը մնան անտեսուած՝ իրենց տարբեր խնդիրներով։
Արեւմտեան Հայաստանէն ժամանած ԱՀՀ պատգամաւոր՝ Սահակ Մութաֆեանը, եւս շուտով կը հրատարակէ իր գերդաստանի պատմութիւնը ներկայացնող գիրք: