
Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ հետեւիլ ու վերահսկել Արցախի առաջացած խնդիրներուն: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Նշուած է, որ ՌԴ խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գոտիին մէջ խախտումներ չէ արձանագրուած։
«Ռուս խաղաղապահ ստորաբաժանումները Լաչինի միջանցքով դէպի հարաւ ուղեկցած են Ատրպէյճանի զինուած ուժերու եօթ շարասիւն։ Ռուսական խաղաղապահ կոնտինգենտի ինժեներա-սակրաւոր խումբերը կը շարունակեն ականազերծումը։ Օրուայ ընթացքին մաքրուած է 0,5 հա. տարածք։
Պարեկութիւն կատարուած է Շուշիի, Մարտակերտի, Մարտունիի շրջաններուն եւ Լաչինի միջանցքին: ՌԴ խաղաղապահներու անվտանգութիւնն ապահովելու եւ հնարաւոր դէպքերը կանխելու նպատակով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբներու հետ շարունակական փոխգործակցութիւնը կը պահպանուի»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: