
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Հարութունեանը Մայիսի 6-ին ընդունած է Ատրպէյճանի կողմէ բռնազաւթուած Հադրութի շրջանի վարչակազմի պատասխանատուներուն եւ շարք մը համայնքներու ղեկավարներուն, որոնք ստեղծուած իրավիճակին կը շարունակեն կատարել իրենց գործառոյթները: «Յատուկ անդրադարձած է 2020 թուականէն առ այսօր տեղահանուած պետական հիմնարկներն պահպանելու համար պետական պիւճէէն հատկացուած գումարներուն եւ անոնց տրամադրուելու նպատակներուն վերանայելու անհրաժեշտութեան։ Երկրի ղեկավարն ընդգծած է, որ տեղահանուած տարբեր պետական կառոյցներուն մէջ հաստիքներու սպասուող կրճատումներու նպատակը ոչ թէ ֆինանսական միջոցներու խնայողութիւն է, այլ՝ սոցիալական արդարութեան եւ զբաղուածութեան խթանման սկզբունքներու պահպանումը: Նախագահ Հարութունեանի խօսքով՝ հանդիպման նպատակներէն մէկը այդ որոշումներուն վերաբերեալ շահագրգիռ քննարկումներ կազմակերպելն է, որպէսզի որեւէ հարց ուշադրութենէ դուրս չմնայ»,- կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ: