
20-րդ դարի վերջ հայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ հայ ռազմարուեստի ամենափայլուն նուաճումն եղած է Շուշի բերդաքաղաք ազատագրելը, որը տեղի ունեցած է 1992 թ․ Մայիսի 9-ին։
Արցախի վաղեմի մշակութային եւ քաղաքական կենտրոնի՝ Շուշին ազատագրելը` որպէս ռազմավարական նշանակութեան խնդիր, անշրջելի հրամայական էր հայրենի բնօրրանին մէջ հարատեւելու համար ազգային-ազատագրական շարժումին ու պայքարին ելած արցախահայութեան դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած առաջին պատերազմին։ Գործողութիւնն ստացաւ «Հարսանիք լեռներում» անուանումը։ Մշակելու եւ իրականացնելու առումով գրեթէ անթերի, հայ ռազմարուեստի մէջ եզակի այդ ռազմական գործողութիւնն արմատական բեկին առաջացուց Արցախեան առաջին ազատամարտին: Այն, կարեւոր նշանակութիւն ուներ։ Նախ` պատմական անհրաժեշտութիւն էր՝ կոչուած վերականգնելու հայրենի բնաշխարհին հայ ժողովուրդի ապրելու անկապտելի իրաւունքը։ Ինչպէս նաեւ ամրապնդուեց հայոց յաղթական ոգին, եւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը դարձաւ իրական:
Որքան Ատրպէյճանը փորձէ կեղծ փաստաթուղթերով իրեն վերագրել հայկական Շուշին, միեւնոյն է Շուշին եղած է եւ կը մնայ հայկական քաղաք, որտեղ հազարամեակներ շարունակ բնակած է բնիկ հայ ազգը։
