
Արեւմտեան Հայաստանի Տիգրանակերտ նահանգի Սուր գաւառը գրանցուած է ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին։ 2015 թուականին զինուած բախումներէն ետք գաւառի 6 թաղամասերը ամբողջութեամբ աւիրուած են։ Այս աւիրածութեան արդիւնքին քանդուած է առնուազն 3569 շինութիւն։ Անոնց տեղ կառուցուած են բանտային կառոյց յիշեցնող տուներ։ Դեռեւս կանգուն մնացած գրանցուած շէնքերուն մէջ «վերականգնման» անուան տակ սկսած աշխատանքները շարունակուած է աւելի քան 6 տարի։ Գրանցուած կառոյցները վերջին ամիսները յայտնուած են նաեւ գանձ որոնողներու թիրախին։ Շինարարներու հագուստով անյայտ անձեր որոշ տուներու ներսը ապօրինաբար գանձ որոնած են։
Գաղտնիք չէ, որ պատմական Տիգրանակերտի մէջ դեռեւս անտիկ ժամանակներէն՝ որպէս բնիկ ազգ բնակուած են հայերը եւ իրենց մեծ ներդրումն ունեցած են քաղաքի ճարտարապետութեան մէջ, ինչպէս նաեւ մշակոյթի տարբեր բնագաւառներուն մէջ։ Ցաւօք այսօր միայն Արեւմտեան Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը յիշէ եւ բարձրաձայնէ այդ փաստը։
