
Արեւմտեան Հայաստան-1920թ. Մայիսի 11-ին ԱՄՆ Սենատը կը հաստատէ 359 բանաձեւը, որը ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի տարածքներէն, որտեղ տեղի ունեցած է Հայերու ցեղասպանութիւնը:
Համաձայն Կոնգրեսի 2000 թուականի Յոկտեմբերի 106-րդ զեկոյցին՝ հիմնուելով 596 բանաձեւի վրայ, Միացեալ Նահանգները յայտարարած է, որ Օսմանեան կայսրութիւնը նախագծած եւ իրականացուցած է էթնիկ հայերու դէմ ցեղասպանութիւնը 1915-1923 թուականներուն, որու արդիւնքին մէկ ու կէս միլիոն հայ զոհուեցաւ, եւս կէս միլիոն մարդու տեղահանութիւն եղաւ եւ հայերուն վտարեցին իրենց 2500-ամեայ հայրենիքէն:
Զեկոյցին մէջ նշուած է որ, 1915 թուականի Մայիսին Առաջին համաշխարհային պատերազմի դաշնակից տերութիւնները պատմութեան մէջ առաջին անգամ մեղադրեցին այդ կայսրութեան կառավարութեանը “մարդկութեան դէմ յանցագործութեան” մէջ եւ յայտարարեցին, որ անձնական պատասխանատուութեան կ՛ենթարկեն Օսմանեան կառավարութեան բոլոր անդամներուն այդ յանցագործութեան համար։
Զեկոյցին մէջ նշուած է որ, թուրքական կառավարութիւնը առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք մեղադրանքներ ներկայացուցած է “Հայերու ցեղասպանութիւնն կազմակերպելու եւ իրականացնելու” ու “հայերու կոտորածի եւ ոչնչացման” մէջ ներգրաւուած գլխավոր ղեկավարներուն, սակայն այդ անձերու նկատմամբ դատարաններու դատավճիռները, ներառեալ մահապատիժները, ի կատար չեն ածվել:
Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ ԱՄՆ ազգային արխիվի եւ Աւստրիայի, Ֆրանսիայի, Գերմանիայի, Մեծ Բրիտանիայի ու Ռուսաստանի արխիւներուն մէջ պահուած են Հայերու ցեղասպանութեան մասին վկայութիւններ , ամբողջական ու մանրակրկիտ փաստաթուղթեր, եւ որ Թուրքիայի Ազգային արխիւին մէջ եւս պահուած է Հայերու ցեղասպանութեան համար պատասխանատու անձերու վերաբերեալ փաստաթուղթեր:
Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ԱՄՆ դեսպան Հենրի Մորգենթաուն գլխաւորած է տարբեր երկիրներու պաշտօնեաներու բողոքի ցոյցերը Հայերու ցեղասպանութեան դէմ եւ Պետդեպարտամենտին ներկայացուցած է Օսմանեան կայսրութեան կառավարութեան քաղաքականութիւնը որպէս “ռասայական բնաջնջման արշաւ”:
Հղում կատարուած է 1916 թուականի Փետրուարի 9-ի Սենատի թիւ 12 բանաձեւին, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ նախագահը պէտք է նշանակէ այն օրը, երբ ԱՄՆ քաղաքացիները կարող են ֆոնտ ստեղծել անասելի զրկանքներ կրող հայերուն օգնութիւն ցուցաբերելու համար:
Հայտարարած է, որ ԱՄՆ նախագահ Ուիլսոնը նպաստած է “Near East Relief” կազմակերպութեան ստեղծման, որը 1915-1930թթ. Հայերու ցեղասպանութենէն փրկուածներուն 116 մլն դոլարի չափով օգնութիւն տրամադրած է:
Հղում կատարուած է 1920թ. Մայիսի 11-ի Սենատի 359 բանաձեւին, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ հայերու զանգուածային ջարդերու մասին ճշմարտութիւնը հաստատուած է:
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը Միացեալ Նահանգներու կողմէ, որտեղ կը բնակուին Ցեղասպանութեան զոհերու հազարաւոր ժառանգներ, (Արեւմտեան) Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման 102-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ շնորհակալութիւն կը յայտնէ եւ կը շնորհաւորէ նախագահ Ճօ Պայտենին, վարչակազմին, Կոնգրեսին եւ ԱՄՆ Սենատին ‘ այդ բնակչութեան հատկացուող ուշադրութեան համար, որը Սենատի 359 բանաձեւն ընդունուելէ ետք հաստատած է , որ Հայերու ցեղասպանութիւնը սահմանուած է որպէս յանցագործութեան տեսակ, որը Միաւորուած ազգերու կազմակերպութիւնը ցանկացած էր կանխել, երբ 1946 թուականի Դեկտեմբերի 11-ին ՄԱԿ-ը ընդունեց Ցեղասպանութեան մասին առաջին բանաձեւը, եւ ՄԱԿ-ի Պատերազմական յանցագործութիւններու յանձնաժողովը յիշատակեց Հայերու ցեղասպանութիւնը որպէս արարքի այն տեսակը, որը պէտք է արտայայտուած ըլլար «մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն» տերմինով՝ իբրեւ նախադէպ Նիւրեմբերգիան դատավարութեան համար:
