Գլակա վանք (Մշոյ Սուրբ Կարապետ), վանքային համալիր Արեւմտեան Հայաստանի՝  Մեծ Հայքի Տուրուբերան նահանգի Տարօն գաւառին մէջ, եղած է հեթանոսական մեհենատեղի,  վերածուած է վանքի քրիստոնէութիւնն ընդունելու ժամանակ՝ 4-րդ դարին։

Ս.Կարապետը միայն մէկ եկեղեցի կամ տաճար չէ, այլ մի քանի տաճարներու ամբողջութիւն, որոնք կը կազմեն սրբավայրերու  խումբ մը։ Ս.Կարապետի վանքը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ  համարուած է ամենամեծ ու ամենանուիրական սրբավայրը, որը ամբողջ հայութեանը ծանօթ մեծագոյն մենաստանն է՝  Ս.Էջմիածնէն ետք։ Վանքի համբաւն ու հռչակը դուրս եկած էր ազգային սահմաններէն եւ դարձած նաեւ սրբավայր տեղացի եւ օտար ազգերու համար։ Վանքն ունեցած է հինգ մատուռ եւ տասը խորան։ Զանգակատանը կախուած եղած է չորս մեծ զանգակներ։

1896-էն վանքին կից բացուած է որբանոց եւ դպրոց՝ 45 աշակերտով, գրադարան։ XIX դ․ եւ XX դ․ սկիզբն վանքն ունեցած է ընդարձակ եկեղեցաթեմ, որն ընդգրկոած էր Տարօն, Վարդօ, Ճապաղջուր, Խնուս, Բուլանըխ, Կեղի եւ այլ գաւառներու հայաբնակ բնակավայրերը։

Վանքը մեծ արհաւիրքներու ենթարկուած է 1915-ին եւ 1918-ին։  Ցեղասպանութեան օրերուն Տարօնի հայութեան զգալի մասը ապաստանած է վանքին եւ մոտակայքի անտառներուն մէջ, երկու ամիս դիմադրած է թշնամիի գերակշիռ ուժերուն։ Յաջողուած է պահպանել այնտեղ եղած արժէքաւոր յուշարձանները, այդ թիւին եւ 1750 ձեռագիր, որոնք յաջողուած է տեղափոխել Էջմիածին։ Վանքն այժմ աւիրուած է։