Ռուսաստանի Դաշնութեան Պետդումայի պատգամաւոր Կոնստանտին Զատուլինը անդրադարձած է ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի այն ծիծաղելի յայտարարութեան, nր իբր Զանգեզուրը պատմական Ատրպէյճանի մաս կը կազմէ։

«Ատրպէյճանն անnւղղակի տարածքային պահանջներ ներկայացուցած է Հայաստանին: ՀՀ-ի մէջ տիրող վիճակը հնարաւորութիւն կուտայ Ալիեւին պատմական ատրպէյճանական տարածքներ յայտարարել Զանգեզուրը, Սեւանն ու Երեւանը:  Գnւցէ Ալիեւը ի նկատի ունի այն հանգանանքը, որ Զանգեզուրի մէջ թուրքերը պատմական պարտnւթիւն  կրած են Գարեգին Նժդեհէն: 

Ինչ կը վերաբերուի մնացածի մասին, ապա կարող եմ ըսել, որ Ցարական Ռուսաստանի մէջ նոյնիսկ ատրպէյճանցի ազգութիւն չէ եղած: Ատրպէյճանցիները կոչուած են թուրք-թաթարներ, իսկ Ատրպէյճանցի հասկացութիւնը առաջացած է ոչ վաղ անցեալին՝ 20-րդ դարի 1աոաջին կէսին: Այնպէս որ շատ մեծ երեւակայութեան պարագային նոյնիսկ Երեւանն ու Սեւանը ոչ չի կարող ըլլալ ատրպէյճանական տարածքներ: Պատմութիւն սորվեցեք»,- ըսած է Կոնստանտին Զատուլինը։