
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Pays d ‘Aix տարածաշրջանի Hay’ s Club ասոցիացիայի նախագահ, Միշել Տէր Գեւորգեանի նախաձեռնութեամբ Ֆրանսիայի մէջ Արցախի Ինքնավար Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գեւորգեանը ներկայացուցած է Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, անկէ ետք մասնակիցներու հետ տեղի ունեցած է քննարկումներ: Հատկանշական է քաղաքապետ Սոֆի Ժոիսանի ներկայութիւնը, ով բացման խօսքով հանդէս եկաւ՝ ընդգծելով, որ Էքս-ան-Պրովանս քաղաքն սկիզբէն աջակցած է պատերազմի զոհ դարձած քաղաքացիական բնակչութեանը:

Քաղաքապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Պուշ դիու Ռոն քաղաքի սենատոր Պրիճիթ Դեւեզային, ով երկար ժամանակ առաքելութիւն կատարելէ ետք նոր վերադարձած էր Երեւանէն։
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդի նախագահ, արցախեան առաջին պատերազմի վետերան Արմենակ Աբրահամեանը, ով Արցախեան երկրորդ պատերազմի ժամանակ նոյնպէս Արցախի մէջ գտնուած է՝ միջամտած է որպէսզի յիշեցնէ Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ արցախահայութեան իրաւունքները եւ հստակեցուցած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ բռմագրաւուած Շուշի քաղաքի տեղահանուած ընտանիքները դիմած են Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան՝ մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ իրենց իրաւունքները պաշտպանելու խնդրանքով:
Այս խնդրանքը ընթացքի մէջ է․
