
Ազգութեամբ հայ Էրոլ Պոստանճըն 42 տարի բացակայելէ ետք այցելած է Տիգրանակերտի Սուր թաղամաս, որտեղ ծնած է, մեծ հիասթափութիւն ապրած է` տեսնելով իրենց նախկին տունը աւերակ վիճակով։ Իր խօսքով՝ նոր կառոյցները ոչնչացուցած են փողոցներու ոգին։ «Այլեւս ինձ այստեղ պահելու բան չէ մնացած»,- ըսած է Պոստանճըն։
Այս շրջանին դարեր ի վեր միասին կ՛ապրին տարբեր ինքնութեան ու հաւատքի տէր մարդիկ, իսկ հայերը հիմնականը կենտրոնացած էին ժողովուրդի կողմէ «Գիաւուր մահալլեսի» կոչուած թաղամասի մէջ, որտեղ ծնած եւ մեծցած է Էրոլ Պոստանճըն։
Բացատրելով իր կարօտն ու զգացումները՝ քաղաքին մէջ տիրող վիճակի վերաբերեալ իր խօսքն ամփոփեց․ «Հին Սուրէն ոչ մէկ բան չէ մնացած, բոլոր տուները քանդուած են։ Այստեղ չեմ կարողանար շնչել»։