Արեւելեան Հեմփթոնի J. Mackey պատկերասրահը կը ներկայացնէ «Արթուր Փինաջեանի արուեստը» խորագիրով ցուցահանդէս։

Փինաջեանը (1914-1999),  Հայերու ցեղասպանութիւնը վերապրածներու որդին է եւ ծնունդով Նիւ Ջերսի նահանգէն։

Ներկայացուած է 20-րդ դարի նկարիչի նախկին ժամանակէ չտեսնուած եւ հազուագիւտ ստեղծագործութիւնները, որոնք ճանապարհ անցած են անյայտութենէ մինչեւ հռչակութիւն: Պատմաբան դոկտոր Ուիլիամ Ինես Հոմերը Փինաջեանին “ստեղծագործական ոյժ”  անուանած է, ով «կարող է դասվել իր դարաշրջանի լաւագոյն արուեստագետներու շարքին»: Սակայն, ինչպէս շատ արտիստական ​​հանճարներ, Փինաջեանն իր կեանքի ընթացքին երբեք չէ արժանացած հասարակութեան ուշադրութեան:

“Արթուր Փինաջաենի արուեստը” ցուցահանդէսը կը պարունակէ աւելի քան 30 աշխատանքներ, որոնք կ՛ընդգրկեն աւելի քան 40 տարի, ներառեալ այն աշխատանքները, որոնք նախկին ժամանակ հանրութեան համար հասանելի չեն եղած: Ցուցահանդէսի  համար ընտրուած են թէ՛ բնապատկերներ, թէ՛ կերպարային գործեր, որոնք գեղեցիկ են, ազդեցիկ եւ դինամիկ»: