
Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը յայտնած է, որ Արեւմտեան Հայաստանին դիմած են 2020թ. 44-օրեայ պատերազմէն ետք Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Շուշի քաղաքէն վտարուած եւ անօթեւան ու դժուար պայմաններով ապրող մեր հայրենակիցները: Արեւմտեան Հայաստանը դեռեւս 2021 թուականին օրէնք ընդունած է Արցախի կարգավիճակի եւ Արեւմտեան Հայաստանի ու Արցախի փոխ յարաբերութիւններ կարգաւորելու վերաբերեալ, որտեղ նշուած է, որ Արցախը Արեւմտեան Հայաստանի Նահանգ է՝ լայն ինքնավարութեամբ ու իր գործադիր մարմիններով: Շուշիի բնակիչներու բողոք նամակները՝ հասցէագրուած մեր կառավարութեանը եւ անոնց խնդրանքը՝ այն հասցնել բարձր ատեաններուն՝ ինչպիսին Եւրոդատարանն է։ Շուտով մեր կողմէ հաշուի կառնուի եւ կ՛ուղարկուի Եւրոդատարան: Մեր կառվարութիւնը կը հաւաստիացնէ իր բոլոր քաղաքացիներուն եւ մեր հայրենակիցներուն, որ ան միշտ պատրաստ է օգնելու իւրաքանչիւր հայի եւ Արեւմտեան Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներու օրինական պահանջներուն՝ կապուած անոնց իրաւունքները պաշտպանելու եւ բնիկութեան խնդիրներուն լուծում գտնելու: Մենք թոյլ չենք տար որեւէ պետութեան, կազմակերպութեան կամ անհատի ֆիզիկական, բարոյական կամ նիւթական վնաս հասցնելու մեր քաղաքացիներուն։