
2020 թուականի Սեպտեմբերի 27-ին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով Արցախի Հանրապետութեան 118 համայնք ամբողջութեամբ, իսկ 2 համայնք՝ մասնակի, կամ ընդհանուր 215 բնակավայր զինագրաւուած մնացած է Ատրպէյճանի օկողմէ: Այդ բնակավայրերէն բռնի տեղահանուած է մոտ 40 000 անձ:
Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը տուեալները հրապարակած է ԱՀ Ազգային ժողովին։
Տարուայ ընթացքին ՄԻՊ աշխատակազմի կողմէ մշտադիտարկման այց կատարած է տեղահանուած անձերու բնակութեան հաստատութիւններ, հաւաքագրած խնդիրները եւ անոնք ներկայացուցած է պետական լիազօր մարմիններուն։
Չնայած պետութեան կողմէ ներդրուած մեծ ծաւալով ջանքերուն, բռնի տեղահանուած անձեր կը հանդիպին տարբեր եւ դժուար պայմաններու։