
Ասկերանի շրջանի Նորագիւղ համայնքի տարածքին մէջ կը շարունակուի նոր բնակելի թաղամաս կառուցելու աշխատանքները։
Այս մասին տեղեկացուցած է ԱՀ քաղաքաշինութեան նախարարութենէն։ Աղբիւրի հաւաստմամբ՝ թաղամասը բաղկացած կ՛ըլլայ 145 բնակելի տուներէ։ Առաջին փուլին կը կատարուի 90 առանձնատուներ կառուցելու աշխատանքները, որոնցմէ 60-ը նախատեսուած է յանձնել մինչեւ տարուայ վերջ։ ️
Այս շրջանին շինհարթակի մէջ կ՛ընթանան տարբեր աշխատանքներ։ ️
Ֆինանսաւորումը կը կատարուի ԱՀ կառավարութեան կողմէ։ ️Կապալառուն «Կապաւոր» ՍՊ ընկերութիւնն է։