Կառավարութեան նիստի ելոյթէն ետք՝ Էրդողանն ըսած է, որ «Թուրքիան մտադիր է աւարտին հասցնել իր հարաւային սահմանի 30 քիլոմեթր լայնքով անվտшնգnւթեան գօտի ստեղծելու գործընթացը»։

Գործողութիւնները կ՛սկսի  նախապատրաստական ​​աշխատանքներ կատարուելէ  ետք։ Որոշումը պիտի կայանայ Ազգային անվտանգnւթեան խորհուրդի նիստի ժամանակ։

Թուրքական թերթն ըսած է, որ Ռուսաստանը դուրս  բերած է իր ստnրաբաժանումները, որոնք տեղակայուած են Սուրիայի 8 շրջաններուն մէջ (Ալ-Հասաքէ, Իտլիպ, Համա, Լաթաքիա, Հալէպ, Մանբիջ, Թել Ռիֆաթ, Այն ալ-Արապ):

Սուրիոյ ազգային բանակի խօսնակ Եուսուֆ Համուտն ըսած է, որ Իրանի կողմէ աջակցող շիա զինեալները փորձած են լեցնել Ռուսաստանի կողմէ ազատուած տարածքները, յատկապէս Լաթաքիայի, Հալէպի եւ Իտլիպի մէջ: Սուրիոյ ազգային բանակն (SNA) սկսած է նախապատրաստուիլ ռազմական գործողութիւններու մեկնարկին։ Յայտնած են, որ 35.000 զինուnր պատրաստ է հնարաւոր գործողութեան։

Գործողութեան ռազմավարական նպատակը կ՛ըլլայ սահմանի արեւմտեան հատուածի փակումը, որը կապnւած է վերահuկուող Ջարապլուսն ու Թել Ապեատը։