
Քարտէսգետ Ռուբեն Գալիչեանը Դելի անունով քարտէսագետի աշխատանքն ցոյց տուած է, որտեղ Հայաստանը նշուած է մինչեւ Քուռ գետի ափը, իսկ այն մասը, որտեղ այսօրուայ Ատրպէյճանն է, Շիրմա խանութիւնն է: Այս քարտէսը 1662 թուականին, ցոյց տուած է Փոքր Ասիայի տարածքը, իսկ Արեւելքի մէջ գրուած է Մեծ Հայք:
Քարտէսագետը ներկայացուցած է «Հայաստանը հին նիտերլանտական քարտէսներուն» գիրքին մէջ տեղ գտած 50-է աւելի քարտէսներ:
Անոր խօսքով՝ այդ բոլոր քարտէսներուն մէջ, որտեղ մեր տարածաշրջանն է, Հայաստան անունը կայ: Եթէ նոյնիսկ պետութիւն չէ եղած, հայերը ապրած են՝ գրուած է Հայաստան: Այդ տարածաշրջանին մէջ կայ Պարսկաստանը, 15-րդ դարէն ետք՝ Թուրքիան, իսկ Ատրպէյճանը քարտէսի վրայ գոյութիւն չունի:
Նշենք, որ «Հայաստանը հին նիտերլանտական քարտէսներուն մէջ» գիրքը լոյս տեսած է Հայաստանի մէջ։ Նիտերլանտներու համալսարաններուն եւ գրադարաններուն մէջ այս գիրքը արդեն հասանելի է: Գիրքի հանդէպ հետաքրքրուողներ շատ է։