
Կոստանդնուպոլիսի Էսենլեր թաղամասին մէջ թաղապետի որոշումով, ով գործող իշխանութեան ներկայացուցիչն է, բնակչութենէն գաղտնի քանդած է Ալեւիներու սրբավայր համարուող եւ անոնց հաւաստմամբ՝ Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի գերեզմանը։
Նշուած թաղամասին մէջ կը բնակի շուրջ 80 հազար Ալեւի, որոնց հաւատքի եւ իրաւունքներու հանդէպ կատարուած այս ոտնձգութիւնը բողոքի ալիք առաջացուցած է:
Թաղապետարանի պաշտօնեաները նոյնիսկ մեղադրած են Ալեւի համայնքի առաջնորդներուն՝ իրենց խաբելու համար, պնդելով, որ քանդուած կառոյցի հիմքը գերեզման չկայ։