Կոստանդնուպոլիսի բոլոր նշանաւոր կառոյցներու տակ կարելի է տեսնել Պալեան ստորագրութիւնը: Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Պալեաններու գերդաստանը յայտնի է որպէս 19-րդ դարի օսմանեան ճարտարապետութեան ամենանշանաւոր ընտանիք: Արմատներով Կեսարիայէն են: Մոտ մէկ դար Պալեանները կրթութիւն ստացած են Եւրոպայի, եւ երբ կայսրութեան մէջ սկսաւ նորաձեւ համարուիլ եւրոպական ճարտարապետութիւնը, անոնք եղան իրենց գործի վարպետները։ Անոնց մասնագիտական լայն գործունէութիւնն ու տաղանդը պատճառ դարձաւ, որ Պալեան ազգանունը հռչակուի թէ’ երկրի մէջ  թէ’ սահմաններէն դուրս:

Պալեաններու ուժերով կառուցուած է Թոփհանէի Նուսրեթիէ մզկիթը, Պայազետի աշտարակը, Պեշիքթաշի ամրոցը, Արնաւուտ քիոյ Վալիտէ սուլթանի ամրոցը, ինչպէս նաեւ Օրթա քիոյ շրջանին մէջ՝ Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին, նշանաւոր Տոլմապահչէ եւ Չրաղան պալատները, հայկական Սուրբ Նշան, Սուրբ Երրորդութիւն, Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցիները եւ այլ հրաշալի կառոյցներ։