Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) հայաստանեան Կլոր սեղան հիմնադրամի հրաւերով Հայաստանի մէջ գտնուող  ԵՀԽ պատուիրակութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիպած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի հետ:

Կազմակերպութեան ներկայացուցիչները Հայաստանի մէջ են «Արդարութեան եւ խաղաղութեան ուխտագնացութիւն» առաքելութեան շրջանակին:

Հանդիպման մեկնարկին ԵՀԽ հայաստանեան Կլոր սեղան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Կարէն Նազարեանը ներկայացուցած է 2020թ. 44-օրեայ պատերազմի հումանիտար աղետալի հետեւանքները, ներկայ իրավիճակն Արցախի մէջ եւ Ատրպէյճանի իրագործած պատերազմի յանցանքներն ու մշակութային-կրօնական կոթողներու աւերածութիւնները պատերազմի ժամանակ: 

Նշուած է, որ պատուիրակութեան ներկայացուցիչներն կարեւորած են Արցախի բնակչութեան ներկայ սոցիալ-հոգեբանական վիճակը:

Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանը ըսած է, թէ որպէս հոգեւորական՝ հիասթափուած է միջազգային հանրութեան արձագանքէն՝ Արցախի պատերազմին: Պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Հայերու ցեղասպանութեան յուշահամալիր, մասնակցելու Սրբազան Պատարագի՝  Երեւանի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ: