
Արցախի ԱԺ նախագահ Արթուր Թովմասեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Պէյրութի մէջ հանդիպած է Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբեկեանի եւ դեսպանութեան դիւանագիտական անձնակազմի հետ։
Հանդիպման ծաւալուած ջերմ եւ բարեկամական զրոյցի ընթացքին քննարկած են հայութեան հուզող օրակարգային հարցեր, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք փոխգործակցութեան հեռանկարները։