Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը կրկին խնդրահարոյց յայտարարութիւններ  կատարած է, որոնց ի պատասխան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ դելիմիտացիայի ու դեմարկացիայի գործընթացն ու արդիւնքները պէտք չէ ազդեն Արցախի Հանրապետութեան ներկայ եւ ապագայ կարգավիճակի վրայ:

Այս մասին թելեկրամի ալիքին գրած է ԱՀ պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը` ներկայացնելով շարք մը դիտարկումներ։

«Վերջը վերջոյ, ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ոչ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ է, այլ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ:

Ատրպէյճանա-արցախեան հակամարտութիւնը չի կարգաւորուած, որն կ՛ընդունի ողջ աշխարհը: Իսկ Եթէ Ատրպէյճանը կը ցանկանայ փակել հակամարտութեան էջը եւ հստակեցնել Արցախի կարգավիճակը, ապա կարող է դելիմիտացիայի ու դեմարկացիայի գործընթաց իրականացնել նաեւ Արցախի Հանրապետութեան հետ՝ միեւնոյն ժամանակ վերադարձնելով մեր բռնազաւթուած տարածքները եւ ճանաչելով մեր անկախութիւնը:

Հակամարտութիւնն կարգաւորելու գլխաւոր սկզբունքը ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի  իրացումն ու ճանաչումն է: Այնուամենայնիւ, միջազգային իրաւունք կայ, որտեղ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը իր հիմնարար տեղն ունի:

Միջազգային իրաւունքի մէկ այլ կարեւոր սկզբունք է ոյժի չկիրառելը, որը նոյնպէս կոպտորեն ոտնահարուած է եւ կը շարունակուի  ոտնահարել Ատրպէյճանի կողմէ: 

Շեղուած վարքի խրախուսումն ու անտեսումը աստիճանաբար կը հանգեցնէ միջազգային աղետների՝ դառնալով միջազգային պրակտիկա ու սովորութային իրաւունքի մէկ մաս»,- գրած է Արտակ Բեգլարեանը: