
Խորանաշատ վանական համալիրի մէջ հիմնադրուելու 800-ամեակի առիթով հինգամեայ ընդմիջումէն ետք եպիսկոպոսական Սուրբ պատարագ մատուցուած է։
«Շուրջ հինգ տարի առաջ, երբ Խորանաշատի մէջ առաջին անգամ՝ հարիւրամեակներէ ետք, Սուրբ պատարագ մատուցուած է։
Մայիսի 28-ին այն կրկին հնչած է. առիթը հիմնադրուելու 800-ամեակն է: Խորանաշատի մէջ՝ ատրպէյճանական դիրքերէն մի քանի տասնեակ մեթր հեռաւորութեան վրայ, Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեանը Սուրբ պատարագ մատուցած է»,- կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։
Պատարագին յաջորդած է Անդաստանի արարողութիւնը՝ աշխարհի չորս կողմերու օրհնութեան կարգը: