
Յունական յայտնի պարբերականը գրած է, որ վերջերս Էգեյան ծովի յունական կղզիներու մոտ նկատած են ատրպէյճանական անօդաչու թռչող սարք Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող «Efes 2022» զօրավարժութիւններու ընթացքին:
«Թուրքիան Ատրպէյճանին ծանօթացուցած է Էգեյան ծովի շրջակայ միջավայրի հետ, որպէսզի անհրաժեշտութեան պարագային Ատրպէյճանն իր պարտքը մարէ Թուրքիոյ առջեւ Արցախի մէջ տարած յաղթանակի համար: Առանց Պայրաքթաներ կիրառելու, այդ պատերազմը աւարտին կը հասնէր ատրպէյճանցիներու պարտութեամբ»,- նշած է յունական պարբերականը:
Վերջերս կը յիշեցնէ, որ մի քանի օր առաջ Պաքուի մէջ անցկացուած ռազմական փառատօնին Էրդողանը կրկին uադրիչ յայտարարութիւններ հնչեցուց Յունաստանի հասցէին: Յիշեցնենք, որ վերոնշեալ զօրավարժութիւններու շրջանակներուն թուրքական կnրծանիչները խախտած են Յունաստանի օդային տարածքը անցնելով յունական տարածքի վրայ։