Նախագահ Արմենակ Աբրահամեան Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացի, փոխգնդապետ Վիրաբ Մանուկեանը պարգեւատրած է «Արեւմտեան Հայաստանի Սուր» (Սուր-Խաչ) մարտական ​​մետալով՝ յատկապէս Արցախեան առաջին պատերազմի ժամանակ հայրենիքին ծառայելու համար։

Շատ են Արեւմտեան Հայաստանի զաւակ այն կամաւորները, որոնք Արցախեան առաջին պատերազմի ժամանակ զինուորագրուած են հայրենիքը եւ հայ բնակչութիւնը պաշտպանելու համար, անոնցմէ է փոխգնդապետ Վիրաբ Մանուկեան։

«Արևմտեան Հայաստանի սուր» մետալն այսօր Արեւմտեան Հայաստանի բարձրագոյն ռազմական պարգեւն է, որուն ստեղծումը կը ծագի 1916 թուականէն առ այսօր Կիլիկիոյ եւ ողջ Արևմտեան Հայաստանի ազատագրման կամաւորներու յանձնառութենէն, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի ապագայ բանակին կորիզէն:

Այս շքանշանն արդէն շնորհուած է տակաւին ողջ կամ պատւոյ դաշտի մէջ ինկած տասնեակ կամաւորներու, այն Արեւմտեան Հայաստանի հպարտութիւնն է։