
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Արամայիս Աղաբեկեան ֆէյսոուքեան իր էջին գրած է. <<Ատրպէյճանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Պոչարնիկովի այցը Շուշի առնուազն անհասկնալի է ու տարակուսելի. Արամայիս Աղաբեկեան: Այն չի բխիր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շահերէն եւ չի կրնար յանգեցնել Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման: Ռուսիոյ Դաշնութիւնը կը հանդիսանայ 2020 թուականի եռակողմ յայտարարութեան կողմերէն մէկն ու այդ նոյն յայտարարութեան կէտերու իրացման երաշխաւորը: Ռուսիոյ դեսպանի այցելութիւնը Շուշի չի տեղաւորուիր ո՛չ նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան եւ ո՛չ ալ անկէ ետք ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու տրամաբանութեան մէջ: Ռուսիոյ մէջ որոշումներ կայացնող քաղաքական գործիչները պիտի հասկնան, որ Արցախ ապրող հայութեան համար նոյնպէս կան կարմիր գիծեր եւ անընդունելի լուծումներ՝ առանց տարբերութեան, թէ աշխարհաքաղաքական որ կեդրոնը կ’առաջարկէ այն եւ ինչպիսի փաթեթաւորմամբ կը պատրաստուի այն մատուցել>>:
Յիշեցնենք, որ 2020 թուականի Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք բռնազաւթուեցաւ ինչպէս Արցախի տարածքի մեծ մասը, այնպէս ալ ԼՂԻՄ տարածք հանդիսացող Հադրութ եւ Շուշի քաղաքները իրենց գիւղերով։ Իսկ 1990-ական թուականներուն ընթացող պատերազմի ժամանակ բռնազաւթուեցաւ Արծուաշէնը , ուր կ’ապրէին մեծ թիւով բնիկ հայեր, իսկ բռնազաւթումէն ետք Ցեղասպանութենէն խուսափելու համար հայերը ստիպուած լքեցին իրենց բնիկ տարածքը: