
Արեւմտեան Հայաստանի Տերսիմի Հոզաթ եւ Օվաճըք գաւառներուն մէջ քաղաքացիական անձերու համար պաշտօնապէս կայ 145 արգիլուած տարածք։ «Ժամանակաւոր անվտանգութեան գօտիներ» յայտարարուած Նազիմիէ, Օվաճըք, Փուլումուր եւ Հոզաթ գաւառներուն պատկանող արօտավայրեր, սարահարթ եւ անտառային տարածքներ քաղաքացիական անձերու մուտք գործելը իրողապէս արգիլուած է, ինչպէս կ’ըսուի, «կեանքի համար վտանգաւոր ականապատ տարածք» ըլլալուն պատճառով։
Անցեալ տարի Տերսիմի 29 շրջաններ միամեայ ժամկէտով յայտարարուեցան «անվտանգութեան ժամանակաւոր յատուկ գօտիներ» եւ արգիլուեցաւ գիւղացիներու, մեղուաբոյծներու եւ քաղաքացիական անձերու մուտքը, որուն պատճառով անոնք հնարաւորութիւն չունեցան արածեցնելու իրենց անասուններու հօտերը եւ զարգացնելու մեղուաբուծութիւնը։