Երուսաղէմի Հայոց  պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին նուիրած է հայկական հախճապակիէ պատրաստուած ափսէ եւ նուռ: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին գրած է  Երուսաղէմի Հայոց  պատրիարքարանի դիւանապետ Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեան:

Աւելի վաղ Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեան յայտնած էր, որ ԱՄՆ նախագահն այցելած է Բեթղեհեմի Ծննդեան տաճարի հայկական եկեղեցին եւ հանդիպած Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքին հետ: Պատրիարք սրբազանը Պայտընի հետ ունեցած առանձնազրոյցի ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնած է անոր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն համար եւ քննարկած այլ հարցեր: