
Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Մկրտչեան այցելած է Յունաստանի ազգային գրադարանը եւ հանդիպած գրադարանի տնօրէն Սթաւրոս Զումպուլաքիսին հետ:
Դեսպան Մկրտչեան գրադարանի նախագահին ուղեկցութեամբ շրջած է գրադարանին մէջ, ծանօթացած այնտեղ պահուող գրականութեան:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցներն ընդգծած են միջգրադարանային համագործակցութեան, շփումներու, փոխայցելութիւններու եւ փորձի փոխանակման կարեւորութիւնը:
Կողմերը քննարկած են համատեղ միջոցառումներ իրականացնելու հեռանկարները։
Դեսպան Մկրտչեան Յունաստանի ազգային գրադարանին շարք մը գիրքեր նուիրած է` Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան, հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթին վերաբերեալ` յոյս յայտնելով, որ գրականութիւնն իր արժանի տեղը պիտի զբաղեցնէ Յունաստանի ազգային գրադարանին մէջ: