
Առնջկուսը (Ատիլճեւազ) Արեւմտեան Հայաստանի Վան նահանգի գաւառներէն է: Այն կը գտնուի Սիփան լերան ստորոտը, բաղկացած էր 3 գաւառակներէ։
1890-ական թուականներուն ունէր 44 գիւղ եւ 12697 բնակիչ, որոնցմէ 8552-ը հայեր էին, 4000-ը քիւրտեր, իսկ մնացածը՝ այլազգիներ։
Բնակչութեան հիմնական զբաղմունքը անասնապահութիւնն ու երկրագործութիւնն էր։ Կը զբաղէին նաեւ այգեգործութեամբ, արհեստներով եւ առևտուրով։
Բնակիչներու մեծ մասը զոհ գնացած է 1915 թուականի Ցեղասպանութեան, իսկ փոքր մասը կրցած է գաղթել Արեւելեան Հայաստան։
