
Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ծիսական պարերը կատարուած են կենցաղի մէջ՝ կապուած տարեկան տօներու, հարսանիքներու, թաղման արարողակարգերու եւ այլ ծէսերու հետ:
Կան ծիսական պարեր, որոնք կատարուած են միայն տարեկան տօներու ժամանակ՝ մէկ անգամ:
Պարային շարժումներու միջոցով մարդիկ փորձած են պատկերել որեւէ գործընթացք եւ կատարել լուրջ ծիսական արարողութիւններ: Անոնց միջոցով անոնք աստուածներէն որոշ պարգեւներ խնդրած են: Իսկ երբ արդէն կը ստանային ցանկալի պարգեւը, կրկին ծիսական պարերու միջոցով շնորհակալութիւն կը յայտնէին:
Հայերը պարին շատ զգուշութեամբ եւ լրջօրէն կը վերաբերէին: Քանզի պարերը ձօնուած էին աստուածներուն:
Ծիսական պարերն առանձնացած են նաեւ իրենց շարժումներու իւրայատուկ խորհրդաւորութեամբ: Պարերն ի սկզբանէ եղած են շրջանաձեւ: Իսկ ի՞նչ խորհուրդ ունեցած է շրջանը: Շրջանն անվերջութեան եւ յաւերժութեան խորհրդանիշն է: