
Արեւմտեան Հայաստանի Իկտիրի ծայրայեղ տաք եղանակը վերջերս հալեցուց քաղաքի սահմաններուն գտնուող Արարատ լերան ձիւնը։
Օդի ջերմաստիճանի վերջին բարձրացման պատճառով Արարատ լերան վրայ, որուն բարձրութիւնը 5137 մեթր է, ձիւնի զանգուածները կը շարունակեն հալիլ։Մինչեւ Օգոստոսի վերջը կը սպասուի ձիւնի հալոցք։ Կարելի է տեսնել, որ Արարատ լերան սառցադաշտերը տեսանելիօրէն կը հալին ծայրայեղ տաքէն։
Արեւմտեան Հայաստանի պարծանք համարուող Արարատ լեռը մշտապէս կը շլացնէ մեզ բոլորս տարուան բոլոր եղանակներուն, ձիւնի հաստ ու ճերմակ շերտը կարծես թիկնոց ըլլայ, որ վեհութեամբ կը կրէ լեռը։