Պետական պիւտճէի միջոցներով Ստեփանակերտի Ազատամարտիկներու 36 հասցէի  բազմաբնակարան շէնքի նորոգման աշխատանքները կը շարունակուին՝ կը տեղեկացնեն Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութենէն:

Կ’իրականացուին արտաքին հարդարման, պատուհաններու տեղադրման աշխատանքներ։

Շինարարութիւնը կ’իրականացնէ «Ռաֆ Էլիտ» ՍՊ ընկերութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած վերջին պատերազմի ընթացքին Արցախ ապրող բնիկ հայերը իրենց սեփական հողին մէջ կրեցին ինչպէս մարդկային, այնպէս ալ նիւթական վնասներ։ Այն ցեղասպանութիւնը, որ իրագործուեցաւ 

2020 թուականին Ատրպէյճանի կողմէ, պէտք է դատապարտուի միջազգային հանրութեան կողմէ եւ ստանայ իր համարժէք պատասխանը։