
1944-թուականի ամրան Նորմանտիոյ եւ Փրովանսի մէջ տեսանթի յաջողութեան, մաքիսներու ապստամբութեան եւ ֆրանսական տարածքի աստիճանական ազատագրման շնորհիւ, Լիոնի մէջ տեղակայուած գերմանացիներուն համար օղակը սեղմուեցաւ, եւ Քլաուս Պարպի կազմակերպեց Մոնլիւկի բանտարկեալներու զանգուածային կոտորածը։
1944 թուականի Յունիս-Օգոստոս ամիսներուն մահապատիժի ենթարկուած են Մոնլիւկի 635 բանտարկեալներ։
1944 թուականի Յուլիսի 19-ին Մոնլիւկի բանտէն բերուեցան 52 կալանաւորներ՝ «առանց ուղեբեռի», բան մը, որ կը նշանակէր, որ անոնք պէտք է մահապատիժի ենթարկուէին։
Զանոնք լեցուցին երկու փակ բեռնատարներու մէջ եւ տարին Փոն-տէ-Տորիէ գիւղ, ուր զիրենք գնդակահարեցին:
Աղբիւրները կը նշեն, որ 52 մահապատիժի ենթարկուածները գնդակահարուած են գնդացիրներով։ Զանոնք վերջնականապէս սպանած են՝ գլուխները ջախջախելով, ատրճանակի փամփուշտներով կամ ինքնաձիգի խզակոթերով։ Որոշ դիերու սարսափելի վիճակի մէջ գտնուիլը խոչընդոտած է անոնց նոյնականացումը։
Այս կոտորածի վայրին մէջ 1945 թուականի Հոկտեմբերի 7-ին բացուեցաւ յիշատակի յուշարձան, որուն շուրջ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի նոյնպէս Շաթիլիոն-տ’Ազերկէսի քաղաքապետարանի եւ Ֆրանսայի յիշատակի կոմիտէի հովանաւորութեամբ, նախարարութեան խորհրդական Ժան-Ժագ Պրունի, Ֆրանսայի յիշատակի գիծով Ռոնի բաժանմունքի ներկայացուցիչ Ժան-Լիւք Ֆրանսուայի, տեղական իշխանութիւններու եւ տեղական համայնքի ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ յիշատակի արարողութիւն՝ Ժան-Լիւկ Ֆրանսուա, Ֆրանսայի յիշատակի գերատեսչական կոմիտէներու ներկայացուցիչներու, գեներալ Ֆիլիփ Լաֆոնտի (Անս), պարոն Իւ Փէյսընի (Պրոն), Հայ վեթերաններու եւ դիմադրութեան մարտիկներու միութեան փոխնախագահ եւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար տիկին Լիտիա Մարկոսեանի եւ Լիոնի ու անոր շրջանի դրօշակակիրներու միութիւններու մասնակցութեամբ։
Մոնլիւկի բանտին մէջ պահուող դիմադրութեան մարտիկներն ու պատանդները տարբեր ծագում ունէին, եւ անոնց թուին էր նաեւ հայ Ժան Պերպաթեան՝ FFI-ի (Ֆրանսական ներքին զօրքերու) անդամ, որ որոշած էր նենգադուլ ընել երկաթգիծին մէջ եւ թռուցիկներ բաժնել՝ Ֆրանսան գերմանական գաղութարարներէ ազատագրելու համար։ Մայիսի 25-ին ան ձերբակալուած է Կեսթափոյի կողմէ Վիէնի մէջ շրջափակման ժամանակ եւ տեղափոխուած Մոնլիւկի բանտ։
Ժան Պերպաթեանի անունը Արեւմտեան Հայաստանի բոլոր այն հերոսներու ցանկին մէջ է, որոնք վերապրած են կամ եղած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգները եւ զոհուած յանուն Ֆրանսայի։
Անոնք բոլորն ալ յետամուտ էին գեներալ Շառլ տը Կոլի հռչակած Ազատութեան իտէալին, որպէսզի դիմադրութեան հուրը չմարի։

Châtillon d’Azergues Յուլիսի 24, 2022թ.
http://www.anciens-combattants-armeniens.org/morts-pour-la-france-next.htm