Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի շրջանի Սոս համայնքին մէջ լայն թափով կ’ընթանան ներհամայնքային ճանապարհներու բարեկարգման աշխատանքները:

«Արցախփրէս»ի թղթակիցին հետ զրոյցի ժամանակ՝ համայնքապետ Յունան Գրիգորեան տեղեկացուցած է, որ ճանապարհներու բարեկարգումը կ’իրականացուի ԱՀ Կառավարութեան յատկացուցած միջոցներով եւ ծնունդով սոսեցի բարերար Արթուր Դադասեանի աջակցութեամբ:

«Աշխատանքները մեկնարկած են այս տարուան Մայիսին: Համայնքի «Անտառի թաղ» կոչուող հատուածին մէջ կը կատարուին սալապատման աշխատանքներ՝ 900 գծամեթր երկարութեամբ, 3,5-4մ լայնութեամբ: Կը սալապատուի նաեւ գիւղի գերեզմանոցի տեղամասը՝ 100մ երկարութեամբ, 3,5-4մ լայնութեամբ: Գիւղամիջեան ճանապարհներու մէկ մասն ալ կը խճապատուի: Գործընթացը կ’իրականացուի Մարտունի շրջանային վարչակազմի վերահսկողութեամբ։ Կապալառուն՝ շրջանային վարչակազմի ենթակայութեամբ գործող «Վարանդաշին» ՓԲ ընկերութիւնն է։ Գիւղին մէջ՝ Արցախեան ազատամարտի նահատակներու յուշարձանի տարածքին մէջ նաեւ 44-օրեայ պատերազմին յանուն հայրենիքի հերոսացածներու յիշատակին կոթող կը կառուցուի»,-նշած է համայնքապետը:

Սոսի մէջ այս օրերուն գիւղատնտեսական եռուզեռ է: Բնակիչներն աւարտին հասցուցած են գարիի, ցորենի եւ թութի բերքահաւաքը: Թութէն գլխաւորաբար օղի թորած են, օշարակ եւ չիր պատրաստած: Շուտով պիտի սկսի նաեւ խաղողի բերքահաւաքը: Ստացուած բերքէն գիւղացիները օղի եւ գինի պիտի արտադրեն: «Համայնքին մէջ հաստատուած են պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած ընտանիքներ: Անոնք ապահովուած են բնակարանային, կենցաղային անհրաժեշտ պայմաններով, օգտուած պետական համապատասխան աջակցութիւններէ»,- տեղեկացուցած է համայնքապետը:

Անոր փոխխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, գիւղը ապահովուած է կազամատակարարմամբ, ելեկտրականութեամբ եւ շուրջօրեայ ջրամատակարարմամբ: