
ՀՀ փոխվարչապետ Համբարձում Մաթէոսեան Յուլիսի 27-ին ընդունած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր համախմբման նախագահ Ապտուլլա Շահիտի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Ինչպէս կը յայտնեն փոխվարչապետի աշխատակազմէն, հանդիպման մասնակցած են նաեւ Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահէ Գէորգեան, Հայաստանի մօտ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգողի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Լիլա Փիթրս Եահիա, եւ այլք։ Փոխվարչապետը ողջունած է Ապտուլլա Շահիտը Հայաստան կատարած առաջին այցին առթիւ եւ այն խորհրդանշական համարած, քանի որ այս տարի կը լրանայ ՄԱԿ-ի մեր երկրի անդամակցութեան 30-ամեակը: Համբարձում Մաթէոսեան բարձր գնահատած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր համախմբման նախագահի ջանքերը՝ ուղղուած համաճարակի բացասական հետեւանքներուն դէմ պայքարին եւ այդ նպատակով միջազգային հանրութեան ջանքերը համախմբելուն։
Հանդիպման ընթացքին կողմերն անդրադարձած են Հայաստան-ՄԱԿ գործընկերութեան, ընդգծած 2030թ-ի օրակարգի ծիրին մէջ ՄԱԿ-ի Կայուն զարգացման նպատակներու արդիւնաւէտ իրականացման անհրաժեշտութիւնը։ Հայաստանի փոխվարչապետն ու ՄԱԿ-ի Գլխաւոր համախմբման նախագահը կարեւորած են տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան պահպանումը եւ մարդու իրաւունքներու գերակայութիւնը։ Այդ առումով Ապտուլլա Շահիտ ողջունած է Հայաստանի կողմէ գործադրուող ջանքերը՝ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման ուղղութեամբ։ Հանդիպման ընթացքին փոխվարչապետն անդրադարձած է նաեւ Արցախի մէջ մարդասիրական կարիքներու լուծման հարցին մէջ ՄԱԿ-ի ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութեան, այնուհետեւ՝ Արցախի հակամարտութեան, այդ առումով ընդգծելով, որ Հայաստանը հաւատարիմ է Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան հովանիի ներքոյ, որ կը մնայ միակ միջազգայնօրէն լիազորուած միջնորդական ձեւաչափը։