
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանի նախագահութեամբ Յուլիսի 28-ին տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան բռնազաւթուած տարածքներու մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պետական խորհուրդի երկրորդ նիստը:
Արցախի Հանրապետութեան բռնազաւթուած տարածքներու մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պետական խորհուրդի միջոցառումներու նախագիծի կատարման ընթացքին մասին զեկոյցով հանդէս եկած է Խորհուրդի քարտուղար Սերգէյ Շահվերդեան: Օրակարգի հերթական հարցով հաստատուած է Արցախի Հանրապետութեան բռնազաւթուած տարածքներուն մէջ մնացած թանգարաններու եւ ցուցասրահներու հաւաքածուներու ցանկը:
Շահագրգիռ քննարկում ծաւալուած է հետազօտական եւ տեղեկատուական տարբեր միջոցառումներու իրականացման ընթացքին հետ կապուած՝ յստակեցնելով խորհուրդի եւ լիազօր մարմիններու յառաջիկայ պարտականութիւնները: