Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր համախմբման նախագահ Աբտուլլա Շահիտի՝ Հայերու Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցը: Այս մասին կը հաղորդէ «ermenihaber.am», փոխանցելով Թուրքիոյ ԱԳՆ-ը հաղորդագրութիւնը, ուր մասնաւորապէս նշուած է.

«ՄԱԿ-ի լիազօրուած մարմինները ներկայացնող անձեր պէտք է գործեն ՄԱԿ-ի օրէնսդրութեան եւ միջազգային իրաւական կանոններուն համապատասխան, մասնաւորապէս, 1948թ. ՄԱԿ-ի «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» համաձայնագրի։ Մենք կը դատապարտենք եւ կը մերժենք քաղաքական շահարկումներու միջոցով պատմական փաստերը եւ միջազգային իրաւունքը կեղծելու փորձերը»։ Բացի անկէ, նշուած է, որ Շահիտի այցը Հայաստան իբրեւ թէ օգտագործուած է, որպէս «հայկական միակողմանի թեզերու գործիք»։ Հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է նաեւ,  որ Շահիտ, որ ստանձնած է այնպիսի պաշտօն, որ պէտք է ըլլայ արդար եւ անկողմնակալ, ինչպիսին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր համախմբման նախագահի պաշտօնն է, կ’ակնկալուի, որ աւելի ուշադիր եւ պատասխանատու գործէ։

Արեւմտեան Հայաստանը ցաւով կ’արձանագրէ, որ Թուրքիա հերթական անգամ գործի դրաւ վախի կամ շանթաժի ներքին խողովակները, որուն արդիւնքով կրկին ստուերուեցաւ հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը։ Մենք կը դատապարտենք Թուրքիոյ այս վարքագիծը, եւ կը պահանջենք առերեսուիլ իրականութեան հետ։ Այն գործիքակազմը, որ այժմ կ’օգտագործէ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Ցեղասպանութեան բնաբանի տակ, շատ վտագաւոր է եւ կրնայ սպառնալ համայն մարդկութեան։