Ամասիոյ հացատեսակները այլազան են։ Շուկայի հացագործները տարբեր հացատեսակներ կը թխեն մեծ փուռերու մէջ։ Իւրաքանչիւր տուն ունի իր փուռը, ուր տանտիկինը շաբաթը մէկ անգամ կը թխէ բաւարար հաց։ Ամենէն տարածուած հացատեսակը սօմինն է:

 Իւրաքանչիւր տանտիկին ձմեռնամուտին կը պատրաստէ մեծ թիւով սաճի հաց, զանոնք կը չորցնէ ու կը պահեստաւորէ։ Հետագային այս հացով կը պատրաստեն խմորեղէններ։ Ամասիա քաղաքին մէջ թոնիրի մշակոյթ չկայ։ Շատ տարածուած եւ նշանաւոր է ամասիացիներու «բիտէ»ներու տեսակները։ Այսպէս, հացի սովորական խմորը ձուաձեւ բանալով, ջուրով թրջուած մատներով կը տափակցնեն փուռի թիակին վրայ ու կը թխեն։ Խմորին վրայ կը շարեն ապուխտի (պասթըրմա) իւղոտ կտորներ եւ այս ձեւով կը պատրաստեն ապուխտով բիտէն։ Պանիրի կտորներ շարելով եւ կիսալուսնաձեւ ծածկելով կը թխեն պանիրով բիտէն: Շուկայի հացագործներուն կողմէ պատրաստուածը չարշուի բիտէ կը կոչուի։ Աւելի տարածուած ձեւ է այս բիտէին մէջ խորտիկներ շարել, փաթթել եւ այս ձեւով վաճառել:

https://www.houshamadyan.org/arm/mapottomanempire/sivasvilayet/sandjakofamasya/localcharacteristics/cuisine.html