
Հայկական կիրառական արուեստներու եզակի նմոյշներու հաւաքիչ Համլէթ Յովսէփեան ֆէյսպուքեան իր էջին գրած է. «Վանը հայոց քաղաքակրթութեան բնօրրանն է:
Փիրուզով ու նռնաքարերով զարդարուած արծաթէ ապարանջան, Վան, Վասպուրական, 18-19րդ դարեր»:
Նմանատիպ զարդերը շատ են յատկապէս Վանի, արուեստներու եւ արհեստներու այս իւրօրինակ բնօրրանին մէջ: Հայն անգամ թրքական տիրապետութեան շրջանին կը ստեղծէր, կը զբաղէր առեւտուրով եւ կը շէնցնէր իր քաղաքը: Այժմ նմանատիպ զարդեր կան աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ, ուր գաղթած են Վանի հայերը, տանելով իրենց հետ նաեւ իրենց մշակոյթը: Շատ յաճախ անոնք բացած են զարդերու խանութներ եւ որպէս իւրօրինակ զարդերու վաճառքով զբաղողներ՝ մեծ յաջողութիւններիու հասած:
