
Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար մտահոգութիւն յայտնած է վերջին օրերուն Արցախի մէջ լարուածութեան աճին վերաբերեալ։
«Մտահոգուած եմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ վերջին օրերուն լարուածութեան աճին վերաբերեալ։ Եւրամիութիւնը յանձնառու է խորացնելու իր ներգրաւուածութիւնը խաղաղ գործընթացին մէջ: Մենք ներգրաւուած ենք տարբեր մակարդակներով: Կարեւոր է նուազեցնել լարուածութիւնը եւ օգտագործել պատմական հնարաւորութիւնը շրջելու տասնամեակներու հակամարտութեան էջը»,- «Twitter»ի իր պաշտօնական էջին գրած է ան:
Յիշեցնենք, որ Օգոստոսի 1-ին Արցախի Հանրապետութեան հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւմտեան սահմանագօտիի շարք մը հատուածներու մէջ ատրպէյճանական ստորաբաժանումները դիմած են սադրանքի՝ կատարելով շփման գիծը հատելու փորձեր, որոնք կասեցուած են ՊԲ ստորաբաժանումներու ուժերով: Իր հերթին Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստ գումարած է, որուն ընթացքին նշուած է, որ Ատրպէյճան Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի միջոցով պահանջ ներկայացուցած է յառաջիկային Արցախը Հայաստանին կապող միջանցքով երթեւեկութիւնը նոր երթուղիով կազմակերպելու վերաբերեալ:
Արեւմտեան Հայաստանը կը գնահատէ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի յայտարարութիւնը, սակայն պէտք է յայտարարութիւններէ եւ յորդորներէն բացի, լուրջ քայլեր ձեռնարկել։