
Եւրոպաական Միութիւնը Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ կ’ուղղէ Բերձորի եւ շփման գիծի այլ հատուածներուն մէջ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները եւ վերադառնալ բանակցութիւններու։ Յայտարարութիւնը հրապարակուած է ԵՄ-ի պաշտօնական կայքին։ «Ցաւօք, այդ բախումներն արդէն յանգեցուցած են զոհերու եւ վիրաւորներու։ Շատ կարեւոր է հասնիլ իրավիճակի անելանելիութեան, պահպանել հրադադարի ռեժիմը եւ վերադառնալ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ՝ համաձայնեցուած լուծումներ գտնելու համար»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։ Նշուած է նաեւ, որ ԵՄ-ը նախկինին պէս հաւատարիմ է Հարաւային Կովկասին մէջ կայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման գործին մէջ լարուածութեան յաղթահարման աջակցելու գործին:
Արեւմտեան Հայաստանը կը պահանջէ Ատրպէյճանի ռազմական ղեկավարութենէն վերջ տալ սադրիչ գործողութիւններուն եւ դադրեցնել հայկական խաղաղ բնակավայրերու ռմբակոծումը։