
Արեւմտեան Հայաստանի պետական հեռուստակայանի եթերով Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեան ներկայացուց Կիլիկիոյ անկախութեան հռչակագիրը, մանրամասնօրէն խօսեցաւ շարք մը կարեւոր հանգամանքներու մասին, որոնք պատճառ դարձան անկախութեան կորուստին եւ Կիլիկահայութեան տեղահանումներուն։ Անդրադարձաւ Կիլիկիայէն ետք քաղած դասերուն, որոնց շնորհիւ Արցախեան առաջին պատերազմին հայերը համախմբուելով եւ յոյսը միայն իրենց վրայ դնելով մարտնչեցին, յանուն հայրենիքի կարեւորագոյն հատուածներէն մէկուն՝ Արցախի ազատագրութեան եւ հասան իրենց վեջնարդիւնքին։ Պարոն Աբրահամեան խօսեցաւ նաեւ վերջին օրերուն ատրպէյճանական սադրանքներուն մասին, ցաւով նշելով, որ հայկական կողմն ունի զոհեր եւ վիրաւորներ։