
Պելառուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ Պելառուսիա մտահոգուած է Արցախի մէջ զինուած դիմակայութեան հերթական սրմամբ եւ Երեւանին ու Պաքուին զսպուածութեան կոչ կ’ուղղէ:։
«Պելառուսիոյ Հանրապետութիւնն ուշադրութեամբ կը հետեւի հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի դրական զարգացումներուն եւ անկեղծօրէն շահագրգռուած է խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատմամբ: Այս առումով մենք խորապես մտահոգուած ենք Արցախի մէջ զինուած դիմակայութեան հերթական սրումը»,- նշուած է փաստաթուղթին մէջ։
Պելառուսիոյ ԱԳՆ-ը յոյս յայտնած է, որ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ կողմերու կնքած պայմանաւորուածութիւնները լիարժէք եւ անվերապահ պիտի պահպանուին։
«Մենք համոզուած ենք, որ առկայ բանակցային ձեւաչափերու ծիրին մէջ հնարաւոր է փոխզիջումներու հասնիլ քաղաքական եւ դիւանագիտական ճանապարհով»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։