
Վանի մէջ գտնուող Այանիս ամրոցի պեղումներուն ժամանակ յայտնաբերուած են կարեւոր տեղեկութիւններ Ուրարտական ժամանակաշրջանին մասին՝ իր զարդարանքներով, ճարտարապետական կառուցուածքով, որոնք լոյս կը սփռեն պատմութեան վրայ։
Ուրարտական Ռուսա Բ. արքային կողմէ Վանայ լիճին նայող բլուրին վրայ հիմնուած Այանիս ամրոցը կարեւոր տեղեկութիւններ կու տայ Ուրարտուի ժամանակաշրջանին մասին՝ իր զարդարուեստով, ճարտարապետական կառուցուածքով եւ աւերակներով։
Արդէն 30 տարի պեղումներ կ’իրականացուին 2700 տարուան վաղեմութիւն ունեցող Այանիսի ամրոցին մէջ։ Այանիսի ամրոցը շատ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ ուրարտական ամրոցներու շարքին մէջ եւ մինչեւ օրս շատ լաւ պահպանուած է։ Ամրոցը կառուցուած է վայրի մը մէջ, ուրկէ կը բացուի իւրայատուկ տեսարան դէպի Սիփան լեռ եւ Վանայ լիճ։
