
Արեւմտեան Հայաստանի մէջ` Բաղէշի Ահլաթ գաւառի Հարապեշեհիր թաղամասը, ուր առկայ են հնամենի քարանձաւային բնակավայրեր, ժայռաբեկորներու վրայ կառուցուած է միջնաբերդ։ Անտիկ միջնաբերդին մէջ 4 տարի շարունակ կ’ընթանան պեղումներ, որոնց արդիւնքով ի յայտ եկած են տարբեր շինութիւններ եւ Կուր-Արաքսեան մշակոյթին պատկանող 5000 տարուայ խեցեգործ առարկաներ։
Պեղումներու խումբի անդամ դոկտ. Սինան Քըլըչը, վերլուծելով աշխատանքի արդիւնքները, նշած է, որ ամենայն հաւանականութեամբ միջնաբերդի ստորին հատուածը կը գտնուի 5000 տարուայ վաղեմութեան բլուր։ Տակաւոն անոնք չեն յաջողած բացայայտել բլուրը, սակայն կրցած են միջնաբերդի երեք տարբեր մասերու մէջ փորուածք բանալ եւ հանդիպիլ այնպիսի գտածոներու, որոնք կը պատկանին Կուր-Արաքսեան մշակոյթին, երկաթի դարուն եւ միջնադարուն։
Այս հերթական բացայայտումն է Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին, որ վստահաբար կը կապուի հայկական քաղաքակրթութեան հետ, սակայն թրքական ռազմավարութիւնն այնպիսին է, որ ամէն ձեւով կը փորձեն թաքցնել հայկական հետքը: