
Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ աշխատանքը՝ յանուն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համապարփակ եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման։
Այս մասին լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Նէտ Փրայս։
Ան յիշել տուած է, որ ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն վերջերս կապ հաստատած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ «Այդպիսով մենք մեր խոր մտահոգութիւնը յայտնած ենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ու անոր շուրջ գրանցուած վերջին մարտերուն առնչութեամբ, որոնց հետեւանքով գրանցուեցան մարդկային զոհեր ու վիրաւորներ։ Մենք կոչ ուղղեցինք անյապաղ քայլեր ձեռնարկել՝ նուազեցնելու համար լարուածութիւնը եւ խուսափելու համար կողմերուն միջեւ յետագայ ուռճացումներէն։ Լարուածութեան վերջին աճը, կը կարծենք, որ ընդգծեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ կապուած կամ անկէ բխող բոլոր միւս հարցերը բանակցային, համապարփակ ու կայուն կերպով կարգաւորելու անհրաժեշտութիւնը»,- նշած է Փրայս՝ ընդգծելով, որ ԱՄՆ-ը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ կողմերուն հետ աշխատանքները շարունակելու իր յանձնառութեան։
«Մենք պիտի շարունակենք այդ ընթացքը ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ համախոհ գործընկերներու հետ Եւրոպական միութեան մէջ, ինչպէս նաեւ որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ՝ օգնելու համար երկիրներուն գտնել երկարաժամկէտ համապարփակ խաղաղութիւն»,- ըսած է նախարարութեան խօսնակը։
Արեւմտեան Հայաստանը, որ վարոյթ յարուցած է Ատրպէյճանի դէմ, կը հետեւի Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերող բոլոր գործընթացներունն։