
Տերսիմի Փուլումուր գաւառի ալեւիներու սրբատեղիներէն մէկը՝ Պույէր Անա լճակը իր բնական գեղեցկութեամբ կը հիացնէ այցելուները։ Պույէր Անայի շրջակայքի հարուստ ու բազմազան բուսականութիւնը կը վնասուի անասնապահութեան պատճառով եւ պաշտպանութեան կարիք ունի։
Ըստ աւանդութեան՝ 3200մ բարձրութեան վրայ գտնուող լերան վրայ գտնուող խառնարանային լիճը, որ իր անունն ստացած է սուրբ համարուող Պույէր Անայի պատուին, կարեւոր ազդեցութիւն ունի առողջութեան վրայ։ Պույէր Անա լիճին կողքը քարանձաւ մը կայ, որ նաեւ պաշտամունքի կեդրոն է։ Քարանձաւ մտնող այցելուները կը վառեն իրենց մոմերն ու ճրագները, բարեմաղթանքներ կը յղեն ու կ’աղօթեն։ Ինչպէս կը նշեն շատեր, քարանձաւի քարերուն արանքէն կաթող ջուրը օգտակար է ասթմայի բուժման համար։ Տերսիմի ջարդերու ժամանակ շատ մարդիկ փրկուելու համար պատսպարուած են այս քարայրին մէջ եւ ողջ մնացած։
Պույէր Անա լճակը ամէն տարի կը հեղեղուի հազարաւոր այցելուներով, իսկ այսօր բուսականութիւնը լրջօրէն վնասուած է անասունները այստեղ արածեցնելու պատճառով:
Արեւմտեան Հայաստանը կը շարունակէ յորդորել Տերսիմ ապրող մեր քաղաքացիներուն պահպանել այդ տարածքները, քանի որ այժմ Թրքական ղեկավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ զանոնք վնասելու համար։