
Առաջին անգամ Բաղէշի բերդը կը յիշատակուի 7-րդ դարու պատմիչ Սեբէոսի կողմէ: Յետագային բերդի շրջանին համանուն քաղաքի կառուցումէն ետք բերդը կը դառնայ քաղաքի միջնաբերդը:
Աւանդութիւնը բերդին հիմնադրումը կը կապէ կայսր եւ զօրավար Ալեքսանդր Մակեդոնացիին Լիս զորավարին անուան հետ: Կը պատմեն, թէ Ալեքսանդր, արշաւելով Արեւմտեան Հայաստան, կը գնահատէ լեռնանցքին ռազմավարական հիանալի դիրքը եւ իր զօրավարներէն Լիսին կը հրամայէ այստեղ ամրոց կառուցել: Նորակառոյց բերդն այնքան անառիկ կ’ըլլայ, որ Ալեքսանդր վերադարձին չի յաջողիր այն նուաճել, իսկ երբ բերդին բանալիները կամովին կը յանձնեն անոր, ան բերդը կ’անուանէ Պէտ Լիս, որ պարսկերէնէ թարգմանաբար կը նշանակէ Չար Լիս, ուրկէ ալ կը ծագի բերդի Պիթլիս անուանումը:
7-րդ դարու վերջը բերդին տիրած են արաբները եւ դարձուցած Զուրարիներու արաբական ամիրայութեան նստավայրը: 9-րդ դարու 2-րդ կիսուն բերդն անցած է Շայպանիներուն, 10-րդ դարու առաջին կիսուն` Կայսիկներու արաբական ամիրայութիւններուն: Բազմաթիւ պատմական անցքերէ ետք 1915 թուականի Յունիսին Բաղէշի ողջ շրջանի հայ բնակչութիւնը ենթարկուեցաւ սարսափելի ջարդի, որմէ ետք Բաղէշ դադրեցաւ հայաբնակ ըլլալէ:
1916 թուականի Փետրուարի 18-ին Հայկական կամաւորական առաջին գունդը Զօրավար Անդրանիկի գլխաւորութեամբ գրաւեց Բաղէշի բերդը: Շուտով թրքական զօրքերը կրկին կը գրաւեն Բաղէշը` վերջնականապէս հայաթափելով այն: