
«Արարատ լեռ» ազգային պուրակն իր հարուստ բուսական եւ կենդանական աշխարհով տարուան բոլոր եղանակներուն կ’ընդունի վայրի կենդանիներու բազմաթիւ տեսակներ: Ամրան տաք եղանակին Արարատ լերան սառոյցները կը հալին՝ դառնալով կեանքի աղբիւր՝ չոր եւ տաք կլիմայական պայմաններու մէջ գտնուող «Արարատ լեռ» ազգային պուրակի վայրի բնութեան եւ կենդանական աշխարհին համար:
Նշենք, որ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ տեղումներու ամէնէն քիչ քանակով կ’առանձնանայ Իկտիրի շրջանը, հետեւաբար այստեղ երաշտի հաւանականութիւնը մեծ է:
Արեւմտեան Հայաստանի մէջ բնութեան հրաշքներ կարելի է տեսնել ամէն քայլափոխի, որոցմէ մէկն ալ այս ազգային պուրակն է: