
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Սեպտեմբերի 4-ին այցելած է ԱՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւն եւ Պաշտպանութեան բանակի բարձրաստիճան հրամկազմին հետ իրականացուցած է ծառայողական խորհրդակցութիւն։ Այս լուրը կը յայտնեն Արցախի նախագահի աշխատակազմէն:
Քննարկուած են պաշտպանական ոլորտի մէջ իրականացուող աշխատանքները։ Շփման գիծի վրայ առկայ իրադրութեան վերաբերեալ զեկուցմամբ հանդէս եկած է պաշտպանութեան նախարար- պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Կամօ Վարդանեան:
Յարութիւնեան անդրադարձած է կատարելիքներուն եւ բանակի սպայակազմին տուած է շարք մը ցուցումներ ու յանձնարարականներ։

Արեւմտեան Հայաստանը կը հետեւի Արցախի շուրջ եւ Արցախի մէջ ընթացքող գործընթացներուն, ըստ անհրաժեշտութեան տալով համապատասխան գնահատականներ։ Սակայն ակնյայտ է, որ այսօր Արցախի մէջ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի, որպէսզի կայունանայ յետպատերազմական դրութիւնը եւ մարդիկ մտնեն բնականոն հունի մէջ։